Այբ Էջ > Աղքատախնամութիւն > Նամականի
Նամականի
Մեր տեսիլքն է տեսնել մարդիկը ելած իրենց յուսահատ ու ինկած վիճակէն: Մարդիկ, որոնք՝
- Կը ճանչնան իրենց իրաւունքները Քրիստոսով
- Յոյս եւ հաւատք
- Ուրախութիւն
- Հարստութիւն
- Բժշկութիւն
- Կ'ապրին Քրիստոսի հաւատալով, Անկէ օրհնուելով եւ ուրիշներուն օրհնութեան պատճառ ըլլալով:
- Գիտեն, որ Աստուած կը սիրէ զիրենքեւ գիտեն, որ իրենք կարեւոր են:
Կը հաւատանք, որ Աստուծոյ փափաքն է օրհնել բոլոր մարդիկը, եւ մանաւանդ կարիքաւորները:
«Որբերուն հայրը ու որբեւարիներուն դատաւորը Աստուած է» (Սղ 68.5):
Աստուծոյ մեծ փափաքը եւ սէրը կ'երեւին Յիսուսի կեանքով. Յիսուս կը շրջէր մարդոց մէջ եւ կը բժշկէր, յուսահատ մարդոց յոյս կու տար եւ բոլորին կ'օգնէր: Ան Իր առաքելութեան համար հռչակեց՝
«Տէրոջը Հոգին իմ վրաս է. վասն զի զիս օծեց աղքատներուն աւետարան քարոզելու, զիս ղրկեց կոտրած սիրտ ունեցողները բժշկելու, գերիներուն ազատութիւն եւ կոյրերուն տեսութիւն քարոզելու, հարստահարութիւն կրողները ազատելու, Տէրոջը ընդունելի տարին քարոզելու» (Ղկ 4.18-19):
Յիսուսի պատուէրն է, որ սիրենք մարդիկը, ինչպէս որ մենք կը սիրենք մեր անձերը (Մր 12.32): Իսկապէս, հաւատքը առանց գործերու մեռած է: Գիտենք, որ հաւատքը առանց գործերու մեռած է եւ կը ձգտինք մեր գործերով մեր սէրը ցոյց տալ մարդոց` օգնելովանոնց, որ Աստուծոյ բարի նպատակը կատարուիիրենց կեանքին մէջ: