• Չորեքշաբթի օրերը երեկոյեան ժամը 7-ին, եւ Կիրակի օրերը առաւօտեան ժամը 10:30-ին:
  • Վկայութիւնը միջոց մը եւ պատճառ մըն է ուխտը պահելը յիշեցնելու, օրէնքին համեմատ քալելու եւ միշտ զԱստուած փառաւորելու (Սղ 78.10-11):
  • Ձեռնարկները Յիսուս Քրիստոսը եւ անոր գործօն պարգեւները կը ներկայացնեն:
  • Համագումարը այն կամուրջն է, որ հաւատացեալը յաջորդ հանգրուան կ'անցնէ եւ անոր նպատակն է անդամը որպէս առաջնորդ պատրաստել:
  • Յիսուս Քրիստոսի Աւետարանը բոլոր ազգերուն մէջ տարածելու:
Skip Navigation LinksԱյբ Էջ > Աղքատախնամութիւն > Մեր Մասին

Մեր Մասին

Կեանքի Աղբիւր Բարեսիրական Միութիւնը անշահախնդիր եւ ոչ-կառավարական հաստատութիւն մըն է, որ պաշտօնապէս արձանագրուած է Յունուար 2005-ին, 6/AD արձանագրութեան թիւով:

Մեր աշխատանքը սկսաւշատ համեստ պայմաններու մէջ` աւելցած բանջարեղէններու պտուղներ բաժնելովհինգ ընտանիքներու:

Այդ ջնջին ծառայութիւնը աճեցաւ, եւ կամաւոր ծառայութիւնը դարձաւ հաստատութիւն:

Յունուար 2005-էն ի վերԿեանքի Աղբիւր Բարեսիրական Միութիւնը պաշտօնապէս կը ծառայէ կարիքաւոր ընտանիքներու, հայթայթելով ընդեղէնի տեսակներ, մաքրութեան պիտոյքներ, տուփեղէններ եւ հագուստներ:

Այդ օգնութեան նպատակը միշտ եղած է Յիսուսի պատուէրը կատարելով Անոր սէրը հասցնելաշխարհին: Որովհետեւ Ան ըսաւ՝ «Կ'ըսեմ ձեզի, քանի որ իմ եղբայրներէս ամենէն պզտիկներէն մէկուն ըրիք, ինծի ըրիք» (Մտ 25.40):

Սկիզբէն,մեր թիրախը եղած է ընտանիքները տեսնել վերականգնած, այսինքն՝ իրենց ֆինանսական եւ հոգեկան անկախութիւնը գտած եւ իրենց կեանքերը կառավարելու ատակ վիճակի մը մէջ, առանց տեղի մը կամ հաստատութեան մը կապուած ըլլալու:

2010 թուականը եղաւմեր նպատակին երկրորդ բաժինը իրականացնելու սկիզբը եւ մեր ծառայութիւնըսկսաւ գործել ընտանիքներու եւ անդամներուն հետ անհատապէս: Ընկերային ծառայողները սկսան գործել ընտանիքներուն եւ անդամներուն հետ զանազան մարզերու մէջ, ինչպէս՝ ընտանեկան յարաբերութեան, ֆինանսական, ընկերային, հոգեւոր եւլն:

Մեր տեսիլքն է տեսնել ընտանիքներ վերականգնած, ազատած՝ աղքատութենէն եւ աղքատութեան հոգեբանութենէն: Ընտանիքներ, որոնք կը վայելենՔրիստոսի լեցունութիւնն ու հարստութիւնը իրենց կեանքի բոլոր մարզերուն մէջ:

«Քանզի դուք գիտէք մեր Տէր Յիսուս Քրիստոսին շնորհքը, թէ ինք ձեզի համար աղքատ եղաւ՝ ան որ հարուստ էր, որպէս զի դուք անոր աղքատանալովը հարստանաք» (Բ.Կր 8.9):


Յաւելեալ տեղեկութեան համար կամ նուիրատուութիւն ընելու համար դիմել՝ Կեանքի Աղբիւր Բարեսիրական Միութիւն – Գլխաւոր գրասենեակ՝ Makdessi Building No524 – Հեռաձայն՝ 961-1-563061 կամ 961-1-210410 –
Ե-Նամակ՝ charity@solchurch.com