Այբ Էջ > Տարիքային Խումբեր > Պատանիներ (13-19)
Պատանիներ (13-19)
Տեսիլք եւ Նպատակ
Մեր տեսիլքն է Աստուծոյ Թագաւորութիւնը բերել պատանիներու կեանքերուն մէջ եւ իրենց կեանքերուն միջոցաւ՝ երկրի վրայ, որպէսզի ամէն ծունկ ծրի եւ ամէն լեզու դաւանի թէ Յիսուս Տէր է՝ Հայր Աստուծոյ փառքին համար (Փլպ 2.10-11):
Հաւատք եւ Բնաբան
Մեր խոր համոզումն է թէ խաչին վրայ Յիսուսի կատարած փրկագործութիւնը անձնապէս ընդունելով, ամէն պատանի կը մտնէ Հայր Աստուծոյ հետ մտերիմ սիրոյ յարաբերութեան մէջ եւ կ'ընդունի կեանքի լեցունութիւնը Սուրբ Հոգիին ներգործութիւնով (Եփ 1):
Մենք կը հաւատանք որ Աստուծոյ հետ ողջ յարաբերութիւնը միակ միջոցնէ պատանեկան տարիքի յատուկ մարտահրաւէրները յաջողութեամբ դիմագրաւելու եւ անոնցմէ յաղթութեամբ դուրս գալու համար, ըլլան անոնք հոգեւոր, ընտանեկան, զգացական, բարոյական եւ կամ նկարագրային մարտահրաւէրներ:
Պահեր
Պատանեկան պաշտամունքի պահերը տեղի կ'ունենան ամէն Շաբաթ օր, կէսօրէ յետոյ ժամը չորսին, Կեանքի Աղբըիւր եկեղեցւոյ սրահէն ներս, Սէսինի հրապարակ, Աշրաֆիէ, Էլիզէ շէնք:
Պահերու ընթաքին, պատանիները կը մասնակցին յատուկ խաղերու, փառաբանութեան եւ երկրպագութեան, պատանեկան երաժշտական խումբի առաջնորդութեամբ: Ատկէ ետք անոնք կը մասնակցին Աստուծոյ Խօսքէն պատքամի եւ օրնութեան պահի մը, որպէսզի իրենց ստացած նոր ուսուցումն ու յայտնութիւնը, Սուրբ Հոգիին ներգործութիւնով, ձեռնադրութեամբ եւ կամ մարգարէութեամբ հաստատուի իրենց սրտին մէջ եւ ճանչնան Աստուծոյ սէրն ու կամքը եւ իրենց Քրիստոսով նոր ինքնութեան կարողութիւնն ու կոչումը (Եփ 3.16-19):
Ձեռնարկներ
Կեանքի Աղբիւր Եկեղեցւոյ Պատանեկան Ծառայութիւնը կը կազմակերպէ բազմաթիւ ձեռնարկներ տարուան ընթացքին, ինչպէս՝ Տաղանդի Օր, համերգներ, մարզական մրցաշարքեր, պտոյտներ, եւայլն...
Ձեռնարկներու նպատակը պատանիներուն ինքնավստահութիւնը, ձիրքերը եւ տաղանդները ի գործ դնել է, որպէսզի եկեղեցւոյ ընտանիքէն ներս իրենց տեղն ու կարեւորութիւնը ճանչնան եւ իրենց տարիքի պարտականութիւնները յանձն առնել սորվին:
Համագումարներ
Պատանեկան Ծառայութեան Տարեկան համագումարը տեղի կ'ունենայ ամար ատեն, Յուլիս կամ Օգոստոս ամիսներուն մէջ եւ կը տեւէ երեք օրէն մինչեւ մէկ շաբաթ:
Համագումարներուն նպատակն է պատանիները ուսուցանել իրենց տարիքի վերաբերող զանազան մարզերուն մէջ եւ պատրաստել, ամրապնդել ու արցակել զանոնք իբր օծեալ ծառայողներ:
Պատանիներ զորս կը մասնակցին մեր համագումարներուն կը վկայեն թէ իրենց կեանքերը կը յեղաշրջուին, մինչ իրենք կ'ազատագրուին զանազան հարցերէ, վախերէ եւ կապանքներէ: Պատանիներ նորոգուած միտքով եւ Աստուծոյ վրայ նոր վստահութիւնով կը վերադառնան իրենց ստացած օրհնութիւնները իրենց սիրելիներուն փոխանցելու:
Յաւելեալ տեղեկութիւններու համար կարելի է կապուիլ եկեղեցւոյ քարտուղարութեան հետ՝ info@solchurch.com, Հեռ. 01-210 410:
Եւ կամ այցելել Պատանեկան Ծառայութեան կայքէջը Facebook-ի վրայ: