Այբ Էջ > Տարիքային Խումբեր > Նախապատանեկան Տարիքի Խումբ (8-12)
Նախապատանեկան Տարիքի Խումբ (8-12)
Ա- Տեսիլք
Կեանքի Աղբիւր Եկեղեցւոյ մանկապատանեկան խմբակի ծառայութեան տեսիլքն է`
- Մարզել փոքրիկները, որպէսզի դառնան աշխարհը ճեղքող նետ մը (Սղ 127.3-5):
- Յատուկ ծրագիրներու միջոցաւ հասնիլ աշխարհի բոլոր փոքրիկներուն.
- Անոնց մէջ ցանել Յիսուսի սէրը
- Անոնց մէջ դնել Աստուծոյ ծառայելու փափաքը եւ կրակը
- Պզտիկներուն միջոցաւ հասնիլ անոնց ընտանիքներուն եւ շրջանակին:
Բ- Նպատակ
Այս ծառայութեան միջոցաւ եկեղեցին մանկապատանիներուն համար կ'ապահովէ տաքուկ գիրկ մը,
ուր կը սորվին գտնել իրենց աստուածատուր ազատութիւնը ու կը մարզուին վազելու դէպի նպատակակէտ:
Այդ մէկը իրականացնելու համար, եկեղեցին կ'աշխատի ցանել Աստուծոյ տեսիլքը մանուկներուն
մէջ եւ կերտել անոնց նկարագիրն ու բարոյականը: ինչպես նաեւ եկեղեցին կ՝օգնէ փոքրիկներուն
որ ընկերային պահերու միջոցաւ ընկերային յարաբերութիւնները աւելի մտերմացնեն:
- Աստուծոյ Տեսիլքը Փոխանցել
Եկեղեցին փոքրիկներուն մէջ կը ցանէ Աստուծոյ տեսիլքը եւ աղօթքներու ու յատուկ պահերու
միջոցաւ կ'օգնէ, որ փոքրիկները լեցուին Աստուծոյ Հոգիով եւ պատրաստ ըլլան բարի պատերազմը
մղելու:
- Քրիստոսի Նկարագիրին Համաձայն Կերտել
Յատուկ դասընթացքներու միջոցաւ եկեղեցին փոքրիկներուն կը սորվեցնէ Աստուծոյ հետ յարաբերութեան
կարեւորութիւնը, արժէքն ու պտուղները, որպէսզի կերտուին Քրիստոսի նկարագիրով ապրելու,
ինչպէս Աստուածաշունչը կ'ըսէ Ղուկաս 2.52-ին մէջ՝ «Յիսուս կը զարգանար իմաստութիւնով
ու հասակով եւ Աստուծմէ ու մարդոցմէ շնորհք գտնելով»:
- Մաքուր Բարոյականով Կեանք Մը Ապրիլ Սորվեցնել
Եկեղեցին փոքրիկներուն կը փոխանցէ
- բարոյականի մասին ուսուցումներ, ինչ որ իրենց մէջ կ'ամրապնդէ գիտութիւնը:
- կը պատրաստէ զանոնք աշխարհէն եկած գաղափարներ եւ շրջանակին ազդող ճնշումները դիմագրաւելու:
- Քաջալերել Ընկերային Յարաբերութիւնները Եկեղեցիէն Ներս
Եկեղեցին կը քաջալերէ, որ փոքրիկները մշակեն բարեկամական յարաբերութիւններ իրենց տարիքի
քոյրերու ու եղբայրներու հետ:
Գ- Ներկայի Գործը
Մանկապատանեկան ծառայութիւնը օրինաւոր կերպով կը հաւաքուի ամէն Կիրակի առտու իրենց
համար պատրաստուած յատուկ վայրի մը մէջ ինչպէս նաեւ Չորեքշաբթի երեկոները, ըստ պէտքին:
- Ծրագիր
Եկեղեցւոյ մանկապատանեկան խմբակի անդամակցութեան չորս տարիներուն համար պատրաստուած
են տարեկան յատուկ ծրագիրներ, որոնց ընդմէջէն փոքրիկները կը ստանան հոգեւոր, նկարագրային
ու բարոյականի մասին ուսուցումներ եւ կը սորվին համարներ, նախքան պատանեկան խումբին
միանալը:
- Ծառայութեան Պահը
Ծառայութեան պահը կ'ընթանայ հետեւեալ ձեւով.
- Հաւաքուիլ
- Զրոյց
- Խոստովանութիւն առօրեայ պարտութիւններուն մասին
- Վկայութիւններ առօրեայ յաղթութիւններուն մասին
- Յայտարարութիւններ առաջնորդին կողմէ
- Խաղ (ճոխ խաղ մը, որ ձեւով մը կ'առաջնորդէ դէպի նիւթը)
- Օրուան Նիւթը (նիւթը կը փոխանցուի գործածելով յատուկ մանկավարժական ձեւեր)
- Օրուան Համարը (համարը սորվելու համար փոքրիկներուն պատրաստուած կ'ըլլայ յատուկ խաղ
մը)
- Վերաքաղի Խաղ (որպէսզի առաջնորդը վստահ ըլլայ, թէ օրուան նիւթը հասկցուած է ճիշդ ձեւով)
Դ- Եկեղեցիէն Ներս Եղած Ծրագիրները
- Մանկապատանեկան խումբը իր մասնակցութիւնը կը բերէ եկեղեցիէն ներս եղած ծրագիրներուն
հետեւեալ ձեւերով.
- Թատրոնով
- Երգով
- Պարով
- Մայրերու տօնին յայտագրին մասնակցելով
- Աղքատախնամական ծառայութիւններուն մասնակցելով:
- Առաւել այս ծառայութեան խմբակը կը կազմակերպէ արտաեկեղեցական ծրագիրներ, ինչպէս՝ պտոյտներ
դէպի շարժապատկեր, ծով, հանրային պարտէզ, pyjama party-ներ եւ համագումարներ:
Ե- Ընդհանուր Ծրագիրներ
- Տնային հանդիպումներ՝ ընկերութիւն եւ Աստուծոյ արմատները միջավայրին մէջ տարածելու
համար
- Այցելութիւն հիւանդներու, որոնց ընթացքին մեր փոքրիկները առիթ կ'ունենան գործնականի
վերածելու իրենց շնորհքները եւ փոխանցելու Աստուծոյ խօսքը, օրհնութիւնը եւ բժշկարար
զօրութիւնը
- Աղքատախնամական ծրագիրներ, որպէսզի տեսնեն Աստուծոյ իրենց տուած բարիքները եւ փոխանցեն
իրենց ունեցածը դժուարութեան մէջ եղողներուն
- «Շնորհքի պահ», որուն ընթացքին փոքրիկներուն հոգեւոր շնորհքներն ու պարգեւները կ'աճին
- Աւետարանչական ծառայութիւն հանրային վայրերու մէջ
- Համագումարներ, որոնց ընթացքին կը սորվին ճանչնալ իրենց ինքնութիւնը եւ գործածել իրենց
իշխանութիւնը
- Հարցազրոյցի պահեր, որոնց ընթացքին կ'ունենանք հիւր առաջնորդներ, որոնց հետ փոքրիկները
կը զրուցեն զիրենք հետաքրքրող նիւթերու մասին
- Բարոյականի եւ յարաբերութիւններու վերաբերող իրենց տարիքին յարմար նիւթեր:
Զ- Ծրագիրներու Նպատակներ
- Փոքրիկները վարժեցնել ծառայութեան
- Ապահովել ուրախ մթնոլորտ
- Խորացնել յարաբերութիւնները իրարու եւ առաջնորդներու միջեւ
- Զարգացնել խումբի պատկանելիութեան զգացումը
- Համարձակութիւն կերտել
- Ձիրքերը գործնականի դնել
Է- Եկեղեցին եւ Ծնողքը
Մանկավարժական գետնի վրայ ընդունուած է, թէ՝ ծնողքը մեծ դեր ունի պզտիկին ընդհանուր
կրթութեան մէջ: Իսկ երբ ծնողքն ու եկեղեցին միաբանին, մեծ օգուտ կը բերեն փոքրիկին
կեանքին մէջ:
- Ծնողքին պարտականութիւնն է միշտ հետաքրքրուիլ թէ՝ իր զաւակը ի՛նչ սորվեցաւ պահին ընթացքին:
- Ծնողքը պէտք է առիթ տայ որ փոքրիկը խօսի օրուան նիւթին, իր անձնական ներշնչումին եւ
իր առօրեայ կեանքին հետ նիւթին ունեցած կապին մասին ինչպէս նաեւ խաղերուն եւ օրուան
համարին մասին:
- Ծնողքը պէտք է քաջալերէ փոքրիկին, որ յանձն առնէ իր տարիքին յարմար պատասխանատուութիւնը
ինչպէս նաեւ սորվեցնէ, որ առօրեային իր ստացած դրամին տասը տոկոս տայ եկեղեցիին, տասը
տոկոս պահէ իր յառաջիկայի պէտքերուն համար եւ ութսուն տոկոսը գործածէ իր առօրեայ ծախսերուն
համար:
Ը- Անհատական Հարցեր Արծարծել
- Խումբի ծառայողները կը կազմակերպեն այցելութիւններ նորեկ պզտիկներու տուները՝ ծնողներու
հետ մտերիմ կապեր հաստատելու համար:
- Նաեւ կարելիութիւն կայ անհատական հարցեր արծարծել՝ ժամադրութիւն առնելով առաջնորդէն: