• Չորեքշաբթի օրերը երեկոյեան ժամը 7-ին, եւ Կիրակի օրերը առաւօտեան ժամը 10:30-ին:
  • Վկայութիւնը միջոց մը եւ պատճառ մըն է ուխտը պահելը յիշեցնելու, օրէնքին համեմատ քալելու եւ միշտ զԱստուած փառաւորելու (Սղ 78.10-11):
  • Ձեռնարկները Յիսուս Քրիստոսը եւ անոր գործօն պարգեւները կը ներկայացնեն:
  • Համագումարը այն կամուրջն է, որ հաւատացեալը յաջորդ հանգրուան կ'անցնէ եւ անոր նպատակն է անդամը որպէս առաջնորդ պատրաստել:
  • Յիսուս Քրիստոսի Աւետարանը բոլոր ազգերուն մէջ տարածելու:
Skip Navigation LinksԱյբ Էջ > Տարիքային Խումբեր > Մանուկներ (4-7)

Մանուկներ (4-7)

Փոքրերու Ծառայութեան այս խմբակին կը պատկանին 4-էն 7 տարեկան փոքրիկները:

Գործունէութիւն Ծառայութեան Տեսիլքը

Մեր տեսիլքն է իրականացնել Յիսուսի մեծ յանձնարարութիւնը:

  • Պզտիկները դարձնել դէպի աշխարհ գացող ուղիղ նետերու (Սղ 127.3-5)
  • Սորվեցնել իրենց Աստուծոյ հետ յայաբերութիւն
  • Իրենց մէջ կանուխէն դնել Աստուծոյ ծառայելու կրակը եւ փափաքը

Նպատակը

  • Մարզել պզտիկները հնազանդելու Աստուծոյ եւ իրենց ծնողներուն
  • Սորվեցնել իրենց Աստուծոյ խօսքը եւ անոր հնազանդելու կարեւորութիւնը
  • Սորվեցնել իրենց Աստուծոյ եւ իրարու ծառայելու մասին
  • Հոգալ իրենց զանազան պէտքերուն ինչպէս՝
    • Հոգեւոր
    • Զգացական
    • Ֆիզիքական
    • Մշակութային

Փոքրերու Ծառայութիւնը Եկեղեցիէն Ներս

Հաւաքոյթի օրերուն պզտիկները կը ստանան յատուկ ուսուցումներ եւ գիտելիքներ՝ պատրաստուած ծառայողներուն կողմէ:

  • Մենք կը փորձենք պզտիկներուն ուշադրութիւնը գրաւել շատ պարզ բաներով եւ զանոնք առաջնորդել շատ կարեւոր բանի մը:
  • Մեր կեդրոնացումը պզտիկներուն պէտքերուն հոգալն է եւ ոչ միայն Աստուածաշունչէն պատմութիւններ պատմելը անոնց:

Մեր հաւաքոյթները կ'ընթանան հետեւեալ ձեւով.

  • Կ'երգենք փառաբանութեան երգեր
  • Կը հաւաքենք սիրոյ նուէր
  • Օրուան առաջնորդը կը պատմէ Աստուածաշունչէն պատմութիւն մը
  • Միասնաբար աղօթք կ'ընենք օրուան նիւթին շուրջ
  • Կ'ունենանք խմբային զրոյց մը
  • Աստուածաշունչէն համար մը կը սորվինք խաղի ձեւով
  • Եւ կ'ընենք զանազան այլ աշխատանքներ

Ձեռնարկներ

Փոքրերու Ծառայութեան Տարեկան Ծրագիրներ

Ամէն տարի փոքրերը կը մասնակցին իրենց համար պատրաստուած յատուկ ծրագիրներու ինչպէս՝

  • Նոր Տարուան տօնակատարութիւն

  • Ծաղկազարդի եւ Զատկուան տօնակատարութիւն
    • Այս տօնակատարութիւններուն ընթացքին փոքրիկները իրենց ծնողներուն եւ ամբողջ եկեղեցիին կը ներկայացնեն յատուկ յայտագիրներ՝ երգերով, պարերով եւ թատրոնով:

  • Ամառնային տարեկան համագումար
    • Ամէն տարի համագումարը կեդրոնացած կ'ըլլայ յատուկ նիւթի մը վրայ եւ նպատակ կ'ունենայ կերտել պզտիկին նկարագիրը Քրիստոսի նկարագիրին համաձայն:

  • Պտոյտներ
    • Կ'օգնեն, որ պզտիկները մտերմանան իրարու հետ ինչպէս նաեւ իրենց ուսուցիչ-ուսուցչուհիներուն հետ

  • Գեղարուեստական յայտագիրներ
    • Պզտիկները իրենց ձիրքերը կը յայտնաբերեն գծագրութեան, ձեռային աշխատանքներու, պարի, երգի միջոցաւ եւ այլ ձեւերով:

Ծառայութեան Առօրեայ Ընթացքը

  • Փոքրերուն համար ծառայող խմբակը կը հաւաքուի շաբաթական դրութեամբ՝ ծառայութեան բոլոր պէտքերուն մասին խօսելու համար:

  • Տեղեակ ըլլալով պզտիկներուն ընթացքէն, ուսուցիչ-ուսուցչուհիները միասնաբար կը բաժնեկցին բոլոր դրական եւ ժխտական կէտերը, ապա աղօթքով Տիրոջ առջեւ կենալով կը փորձեն հասնիլ լուծումներու:

  • Ուսուցիչ-ուսուցչուհիները նաեւ հանդիպումներ կ'ունենան ծնողներուն հետ, որոնց ընթացքին կը խօսին պզտիկին ընդհանուր պէտքերուն մասին:
    • Այս ձեւով ծառայողները կը ստեղծեն մտերիմ յարաբերութիւններ ծնողներուն հետ՝ գիտակցելով, որ ծնողքին դերը շատ կարեւոր է պզտիկին հոգեւոր դաստիարակութեան մէջ:

Մենք ուրախութեամբ եւ բաց սրտով կ'ընդունինք իւրաքանչիւր պզտիկ, որ կը մտնէ եկեղեցիէն ներս: Մենք կը ծառայենք անոնց, որպէսզի հաւատքի հունտը ցանենքանոնց մէջ, որովհետեւ կը հաւատանք, որ Աստուած կրնայ գործածել պզտիկները Իր փառքին համար. Աստուած խօսեցաւ Սամուէլին երբ ան շատ փոքր էր, եւ ան հաստատուեցաւ իբրեւ Տիրոջ մարգարէն (Ա. Թգ 3.3,30):